SonTurkHaber.com
close
up
Երեւանեան յուշագրութիւն Agos

Երեւանեան յուշագրութիւն Agos

SonTurkHaber.com, Agos kaynağından alınan verilere dayanarak duyuru yapıyor.

Գի­­շերո­­ւայ մու­­թին Երե­­ւանեան քա­­մին է որ կը շո­­յէ մա­­զերս։ Վեր­­ջա­­­պէս հա­­սած ենք իրա­­րու, կը յի­­շեմ այս սահ­­մա­­­նադու­­ռէն առա­­ջին մուտքս։ 24 տա­­րեկան էի եւ հա­­զիւ հինգ օր առաջ պսա­­կուած։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
([email protected](
Սպաս­­ման սրա­­հը նստած կը սպա­­սեմ դրան բա­­ցուի­­լը։ Ոհ՜ Արարատն է այս։ 21 տա­­րի վերջ կա­­րօտս պի­­տի առ­­նեմ։
Բա­­ցուէ՛ք դռներ։ Հե­­րիք է կա­­յուն սա ժա­­մանա­­կը, թող հո­­սի այ­­լեւս։ Խենդ ու խե­­լար հար­­ցումներ մտքիս յու­­զումներ, քնա­­տու­­թիւն…
Եր­­կար տե­­ւող գի­­շեր մը կ՚ապ­­րինք, ար­­դէն օրո­­ւան ուշ ժա­­մերն են, որոնց վրայ կը բար­­դո­­­ւի ինքնա­­թիռին 50 վայրկեանի ու­­շա­­­ցու­­մը։ Կը դի­­տեմ շուրջ բո­­լորս։ Մար­­դիկ՝որոնք տուն պի­­տի հաս­­նին, ոմանք ար­­ձա­­­կուրդի կ՚եր­­թան, իսկ ու­­րիշներ ալ գոր­­ծի հա­­մար ապա, ես ին­­չո՞ւ կ՚եր­­թամ։ Թուրքիացի խումբ մը լրագ­­րողնե­­րով հրա­­ւիրո­­ւած ենք Հա­­յաս­­տան։ Ին­­չո՞ւ կան­­չե­­­ցին մեզ։ Հա­­մարեա բո­­լորս ալ օտար ենք իրա­­րու։ Յա­­ջոր­­դող երեք-չորս օրե­­րուն ընդմիշտ միասին պի­­տի ըլ­­լանք մինչդեռ։
Վեր­­ջա­­­պէս դռնե­­րը բա­­ցուե­­ցան, ար­­դեօք պի­­տի ար­­ժա­­­նանա՞մ Արա­­րատը տես­­նե­­­լու։ Այս ըսած պա­­հուն կը յի­­շեմ մեր ըն­­տա­­­նեկան որո­­շու­­մը։ Չէ որ միաս­­նա­­­բար պի­­տի եր­­թա­­­յինք։ Այլ կերպ ստա­­ցուեց, առան­­ցին կը կա­­տարեմ ուխտս՝ որ կ՚իրա­­կանա­­նայ պաշ­­տօ­­­նի բեր­­մամբ։
Երկնքի բար­­ձունքէն կը դի­­տեմ լոյ­­սի ծով Պո­­լիսը։ Եր­­կու ժամ անց է, երբ վայ­­րէջք կը կա­­տարէինք Զո­­ւարթնոց օդա­­կայան ինքնա­­բերա­­բար բաղ­­դա­­­տեցի եր­­կու քա­­ղաք­­նե­­­րը։ Զգա­­լի էր որ Երե­­ւան իր բնակ­­չութիւ­­նով ու տա­­րած­­քով շատ աւե­­լի փոքր էր։ Նոյն ժա­­մուն կը մտա­­բերէի թռիչքնե­­րու ժա­­մերու ան­­յարմա­­րու­­թեան մա­­սին։ Սահ­­մա­­­նապահ պաշ­­տօ­­­նեան ժպտա­­դէմ հար­­ցումներ կ՚ուղղէ, որոնց կը պա­­տաս­­խա­­­նեմ ու­­րախ տրա­­մադ­­րութեամբ։ Նոյն պա­­հուն կը մտա­­բերեմ ան­­ցեալի ռուս սահ­­մա­­­նապահ­­նե­­­րը, որոնք բա­­ւական սառ վե­­րաբե­­րում կ՚ու­­նե­­­նային ու­­ղե­­­ւոր­­նե­­­րու հան­­դէպ։ Կ՚ապ­­րէի նաեւ օտար լե­­զուի պատ­­ճա­­­ռած դժո­­ւարու­­թիւններ։ Այս ան­­գամ ու­­րիշ կերպ հա­­րազա­­տու­­թիւն մը կար իմ եւ պե­­տական հա­­մազ­­գեստով պաշ­­տօ­­­նեայի մի­­ջեւ։
Գի­­շերո­­ւայ մու­­թին Երե­­ւանեան քա­­մին է որ կը շո­­յէ մա­­զերս։ Վեր­­ջա­­­պէս հա­­սած ենք իրա­­րու, կը յի­­շեմ այս սահ­­մա­­­նադու­­ռէն առա­­ջին մուտքս։ 24 տա­­րեկան էի եւ հա­­զիւ հինգ օր առաջ պսա­­կուած։ Ամուսնոյս հետ միասին բո­­լորո­­վին նոր փոր­­ձի դաշտ մը կը սպա­­սէր մեզ՝ Երե­­ւանի Պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանը։ Լման հինգ տա­­րիներ ապ­­րե­­­ցանք Երե­­ւանի մէջ իբ­­րեւ ու­­սա­­­նող։ Զաւ­­կիս առա­­ջին հայ­­րե­­­նիքն է Հա­­յաս­­տա­­­նը։ Եր­­կուքով գա­­ցած, երեք դառ­­նա­­­լով վե­­րադար­­ձած էինք։ Բո­­լոր այդ ապ­­րումնե­­րը տո­­ղան­­ցե­­­ցին աչ­­քե­­­րուս առ­­ջեւ եւ ու­­րի­­­շի մը առանց սպա­­սելու ես ին­­ծի ըսի. «Բա­­րի գա­­լուստ»։
Մինչդեռ ան­­մի­­­ջապէս ել­­քին մեզ այդ նոյն մաղ­­թանքով դի­­մաւո­­րելու փու­­թա­­­ցած էին «Օր­­բե­­­լի» Կեդ­­րո­­­նի երի­­տասարդ ան­­դամնե­­րը։ Իրենց դէմ­­քի ժպի­­տը կրկին ան­­գամ ջեր­­մա­­­ցուց զիս։ Կը տա­­րուիմ Մա­­րիյոթ Հիւ­­ռա­­­նոցի հրա­­պոյ­­րով։ Բայց մարդ որ­­քա՞ն կրնայ դի­­մադ­­րել, անքնու­­թիւնը կը ճնշէ եւ ես խա­­ղաղօ­­րէն կը մտնեմ այդ քու­­նի գիր­­կը։
Հա­­զիւ 3,5-4 ժամ սահ­­մա­­­նուած է այդ խա­­ղաղ քու­­նի հա­­մար, քա­­նի որ առա­­ւօտո­­ւայ ժա­­մը 08.00-ին, պէտք է իջ­­նեմ նա­­խաճա­­շի եւ ապա պի­­տի սկսի հե­­ւիհեւ աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին օրեր։
Ինչպէս վե­­րեւ ալ նշե­­ցի մեր խումբէն ոչ ոք ծա­­նօթ էր ին­­ծի։ Ճամ­­բորդու­­թեան ըն­­թացքին նկա­­տած էի ազ­­նիւ դէմ­­քով տիկ­­նոջ մը։ Մտադ­­րած էի առա­­ջին առի­­թով մօ­­տենալ իրեն։ Բայց յան­­կարծ ջերմ ձայն մը գրա­­ւեց զիս։ «Բա­­րի լոյս» ըսող այդ ձայ­­նի տէ­­րը ու­­րիշ մէ­­կը չէր եթէ ոչ մեզ՝ «Ակօս»ի աշ­­խա­­­տակազ­­մին սի­­րելի անձնա­­ւորու­­թիւն մը՝ լրագ­­րող Մե­­թէ Չու­­պուքչուն։ Ան յա­­ճախ կ՚այ­­ցե­­­լէ «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­տուն եւ կը զրու­­ցէ պա­­րոն Եդուարդ Տան­­ձի­­­կեանի կամ Բագ­­րատ Էս­­դուգեանի հետ։ Յե­­տոյ այդ ժպտա­­դէմ կինն ալ մաս­­նակցե­­ցաւ մե­­զի։ Եափ­­րաք էր անու­­նը, այ­­սինքն Տե­­րեւ։ Իս­­կոյն կրկին մատ­­նո­­­ւեցայ խոր մտա­­ծումնե­­րու։ Ո՞ւր եմ, որո՞նք են։ Պարզ հան­­դի­­­պում մը չէ սա։ Երկրի կա­­րեւոր մե­­տիայի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ հրա­­ւիրո­­ւած են։ Կը նա­­յիմ անոնց գե­­րար­­դիական սար­­քե­­­րուն, եռո­­տանի­­ներուն, որոնց կող­­քին ես պի­­տի փոր­­ձեմ պա­­հը ան­­մա­­­հաց­­նել բջջա­­յին հե­­ռախօ­­սի տե­­սախ­­ցի­­­կով։ Ոհ՜ սի­­րելի Պերճ Արա­­պեան, երա­­նի հետս ըլ­­լա­­­յիր։ Որ­­քան ուժ կ՚առ­­նէի քեզ­­մէ։
Ժա­­մը 9.30 եւ առա­­ջին պաշ­­տօ­­­նական հան­­դի­­­պու­­մը։ Գոռ Ծա­­ռու­­կեան, Մի­­քայէլ Եալու­­նուզեան եւ Աստղիկ Իգի­­թեան կը ծա­­նօթաց­­նեն նա­­խատե­­սուած ծրա­­գիրը։ Հոն պաշ­­տօ­­­նապէս տե­­ղեակ կ՚ըլ­­լամ թէ մեզ պի­­տի ըն­­դունի նաեւ Վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեան։ Բո­­լոր այս ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը փո­­խան­­ցո­­­ւեցաւ անգլե­­րէնով։
Ժա­­մը 11.00-է ամօթ­­խա­­­ծու­­թեամբ կը մօ­­տենամ տի­­կին Աստղի­­կին ու կը յայտնեմ թէ պի­­տի դժո­­ւարա­­նամ անգլե­­րէն ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւելու։ Անոր ջերմ ժպի­­տը իս­­կոյն կը փա­­ռատէ իմ բո­­լոր մտա­­վախու­­թիւննե­­րը «Ան­­հոգ եղէք»։ Մեր անձնա­­կազ­­մը թարգմա­­նու­­թիւննե­­րու հա­­մար օգ­­նա­­­կան պի­­տի ըլ­­լայ»։ Այդ պա­­հուն հանգստա­­ցայ։ ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թեան մէջ փոխ նա­­խարար Վա­­հան Կոս­­տա­­­նեանի գրա­­սենեակն եմ։ Շնոր­­հիւ թարգմա­­նիչին կը հե­­տեւիմ բո­­լոր զրոյցնե­­րուն։ Մի առ մի կը քննեմ Թուրքիայէն եկած լրագ­­րողնե­­րը։ Անոնք թէ իշ­­խա­­­նամէտ, թէ ընդդի­­մադիր եւ թէ ան­­կախ մե­­տիանե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ են։ Իսկ ես կը ներ­­կա­­­յաց­­նեմ «Ակօս»ը, որ թէ ան­­կախ եւ թէ փոք­­րա­­­մաս­­նա­­­կան մա­­մուլ կը հա­­մարո­­ւի։ Բո­­լորը անգլե­­րէնով հար­­ցուցին իրենց հար­­ցումնե­­րը, իսկ ես հա­­յերէ­­նով։ Այդ պա­­հուն անդրա­­դար­­ձայ, եթէ կա­­րեւո­­րուա­­ծը երկխօ­­սու­­թիւնն էր, ես ան­­ձամբ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէի եր­­կու կող­­մերն ալ։ Այս սե­­ղանի շուրջ բո­­լորը կը հասկնա­­յին իմ ըսա­­ծը։ Ժո­­ղովէն ետք ընթրե­­ցինք Թա­­վերն Երե­­ւան։ Ան­­շուշտ որ շատ հա­­մեղ էր ինչ որ կե­­րանք, բայց յու­­զումը կը գե­­րազան­­ցէր ամէն ինչ։ Յա­­ջորդ հան­­դի­­­պու­­մը Ազ­­գա­­­յին Ժո­­ղովի շէն­­քին մէջ, Խորհրդա­­րանի փոխ նա­­խագահ Ռու­­բէն Ռու­­բի­­­նեանի հետ։ Այս մէկն ալ փակ ժո­­ղով մըն է։ Մեր խումբէն ոմանք նա­­խապէս դի­­մեր են յա­­տուկ հար­­ցազրոյ­­ցի հա­­մար։ Երա­­նի ես ալ դի­­մած ըլ­­լա­­­յի։ Բա­­րեբախ­­տա­­­բար Օր­­բե­­­լի կեդ­­րո­­­նէն Գէորգ Կալ­­լո­­­շեան կազ­­մա­­­կեր­­պեց խորհրդա­­րանի ան­­դամ Մա­­րիա Կա­­րապե­­տեանի հետ հան­­դի­­­պում մը։
Խորհրդա­­րանի շէն­­քը տես­­նե­­­լով վեր­­յի­­­շեցի ու­­սա­­­նողու­­թեան տա­­րինե­­րուս ամե­­նատ­­խուր պա­­տահար­­նե­­­րէն մէ­­կը։ Ես ու ամու­­սինս 27 Օգոս­­տոս 1999-ին Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քի կար­­գադրու­­թեամբ ոտք դրինք հայ­­րե­­­նի հող։ Պատ­­րիարք Սրբա­­զանը Աբո­­վեան Փո­­ղոցի վրայ բնա­­կարան մը գտած էր մե­­զի հա­­մար։ Նոյն տա­­րուայ 27 Հոկ­­տեմբե­­րին ահա այդ բնա­­կարանն էինք ու երե­­կոյեան հա­­րեւա­­նը դու­­ռը թա­­կելով մեզ զգու­­շա­­­ցուց որ տու­­նը մնանք, փո­­ղոց չել­­լենք։ Շու­­տով պար­­զո­­­ւեցաւ պա­­տահա­­ծը։ Յար­­ձա­­­կում կա­­տարուած էր Խորհրդա­­րանի վրայ եւ զո­­հուած էին ու­­թը քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներ, գլխա­­ւորու­­թեամբ երկրի ամե­­նասի­­րուած գոր­­ծիչնե­­րէն Կա­­րէն Տե­­միր­­ճեանի եւ վար­­չա­­­պետ Վազ­­գէն Սարգսեանի։ Առա­­ջին ան­­գամ անոնց սու­­գը յար­­գե­­­լու հա­­մար գա­­ցած էի այդ շէն­­քը։
Հի­­մա այդ խառն զգա­­ցո(ւմնե­­րով Խորհրդա­­րանի սե­­նեակ­­նե­­­րէն մէ­­կուն հար­­ցազրոյ­­ցի նստած եմ պատ­­գա­­­մաւոր Մա­­րիա Կա­­րապե­­տեանի հետ։ Յու­­զումը կրկին պա­­տած էր զիս եւ կար­­ծես ես իմ ձայ­­նին օտա­­րացած։
Այս հան­­դի­­­պու­­մէն վերջ կ՚այ­­ցե­­­լենք «Նոյ» Քո­­նիակի գոր­­ծա­­­րանը։ Հոն մե­­զի կը մա­­տու­­ցեն 81 տա­­րեկան ըն­­տիր գի­­նի։ Իսկ ես տա­­րուած եմ տա­­կառ­­նե­­­րու հսկա­­յու­­թեան։ Փո­­խանակ բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը լսե­­լու կը փոր­­ձեմ մի առ մի լու­­սանկա­­րել իրար­­մէ հա­­մարեա տար­­բե­­­րու­­թիւն չու­­նե­­­ցող տա­­կառ­­նե­­­րը։ Ախ՜ Լուսյէն ախ՜ ին­­չո՞ւ այսքան ոգե­­ւորո­­ւած ես։ Ին­­չո՞ւ մատ­­ներդ կը թաթ­­խես մա­­տու­­ցող ապա­­կեայ թա­­սին եւ կա­­ւիճը կը բե­­րես բե­­րանդ։ Հի­­մա բեր­­նիս մէջ այդ լե­­ղի հա­­մին կ՚ափ­­սո­­­սաս թէ ոչ թրջո­­ւած կա­­ւիճով չի կրնալ գրե­­լուդ։
Ին­­չե­­­ւիցէ առա­­ջին օրը աւար­­տե­­­ցինք։
Երե­­ւանեան երկրորդ օրը
Կը չափչփեմ հիւ­­րա­­­նոցի սե­­նեակը։ Կրկին յու­­զումներ, խոր­­հուրդներ պա­­տած են ամ­­բողջ ինքնու­­թիւնս։ Փա­­շինեանի հետ պի­­տի հան­­դի­­­պինք։ Մա­­զերս ալ լաւ չեն տես­­նո­­­ւիր։ Ոտ­­ներս ալ ու­­ռած են բարձր կրունկով կօ­­շիկ­­նե­­­րուն մէջ։ Հար­­ցումներս որ­­քա՞ն իմաս­­տա­­­լից պի­­տի ըլ­­լան վստահ չեմ։ Տա­­սը լրագ­­րողներ մէ­­կական հար­­ցում պի­­տի ուղղենք։ Իմ հար­­ցումս պէտք է յա­­տուկ ըլ­­լայ, այլ ոչ թէ ու­­րի­­­շի մը հար­­ցումի կրկնու­­թիւնը։ Զան­­գա­­­հարե­­ցի խմբագ­­րա­­­պետ Եդո­­ւարդ Տան­­ձի­­­կեանին։ Անոր թե­­լադ­­րանքով դի­­մեցի վար­­չա­­­պետին։ Կը կար­­ծեմ թէ ուղղած հար­­ցումս շատ կը պատ­­շա­­­ճէր «Ակօս»ի ոգիին։ Ար­­ցա­­­խի մէջ պա­­տանդ առ­­նո­­­ւած հա­­յերու դա­­տավա­­րու­­թիւնը ու­­րիշ ո՞վ պի­­տի հարցնէր եթէ ոչ «Ակօս»ի թղթա­­կիցը։
Նպա­­տակ չու­­նիմ Վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեանը գո­­վաբա­­նելու։ Նոյնպէս տա­­սը լրագ­­րողնե­­րու ուղղած հար­­ցումնե­­րը եւ վար­­չա­­­պետի պա­­տաս­­խաննե­­րը թո­­ւելու։ Այդ բո­­լորը ար­­դէն տե­­ղական մա­­մու­­լին մէջ բա­­ւակա­­նին խօ­­սուե­­ցան։ Լրագ­­րողնե­­րը հար­­ցումնե­­րը թրքե­­րէն հար­­ցուցին, իսկ վար­­չա­­­պետը հա­­յերէ­­նով պա­­տաս­­խա­­­նեց։ այս հան­­դի­­­պու­­մը ին­­ծի հա­­մար եզա­­կի էր այդ իմաս­­տով որ նա­­խորդ բո­­լոր հան­­դի­­­պումնե­­րուն թուրք լրագ­­րողնե­­րը իս­­կոյն կ՚ըն­­կա­­­լէին անգլե­­րէն բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը, իսկ ես կը կա­­րօտէի յա­­տուկ թարգմա­­նու­­թեան։ Այս ան­­գամ պատ­­կե­­­րը բո­­լորո­­վին տար­­բեր էր ու ես Փա­­շինեանի բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը լսե­­ցի արե­­ւելա­­հայե­­րէնի հա­­րազա­­տու­­թեամբ, ուղղա­­կի խօ­­սակ­­ցիս աչ­­քե­­­րուն նա­­յելով։ Այս առ­­թիւ կ՚ու­­զեմ հիացումս յայտնել նաեւ Գէորգ Կալ­­լո­­­շեանի հրա­­շալի թարգմա­­նու­­թեան, որ մի առ մի հա­­յերէ­­նի թարգմա­­նեց տա­­սը թուրք լրագ­­րողնե­­րու հար­­ցումնե­­րը եւ ապա թրքե­­րէնի վե­­րածեց վար­­չա­­­պետին այդ հար­­ցումնե­­րուն տո­­ւած պա­­տաս­­խաննե­­րը։
Նոյն օրո­­ւայ երե­­կոյեան Մա­­րիյոթ Հիւ­­րա­­­նոցի Տիգ­­րան Մե­­ծի անո­­ւան դահ­­լի­­­ճին մէջ հան­­դի­­­պում մը եւս կա­­յացաւ՝ այս ան­­գամ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն հետ։ Հա­­մեմա­­տաբար աւե­­լի նո­­ւազ պաշ­­տօ­­­նակա­­նու­­թեան մէջ բա­­ւակա­­նին հան­­գիստ դրու­­թեամբ կար­­ծի­­­քի փո­­խանա­­կումներ եղան Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Թուրքիոյ հա­­մատեղ իրա­­կանաց­­նե­­­լիք մար­­զա­­­կան, առեւտրա­­կան, հա­­ղոր­­դակցա­­կան եւ նման ոլորտնե­­րու մա­­սին։ Թէ առա­­ջին եւ թէ այս եր­­կորդ օրը աւար­­տին հա­­սաւ իմ հա­­յաս­­տա­­­նաբ­­նակ բա­­րեկամ­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նեկան մտեր­­մութեան մէջ։ Որ­­քան կ՚ու­­զէի ազատ ժա­­մեր ու­­նե­­­նալ եւ կուշտ ու կուռ շրջիլ այս քա­­ղաքի փո­­ղոց­­նե­­­րուն վրայ։ Ափ­­սոս չստա­­ցուեց։
Վեր­­ջին օր
Այդ օրո­­ւայ հա­­մար նա­­խատե­­սուած էր Մարգա­­­րայի սահ­­մա­­­նադու­­ռը այ­­ցե­­­լել։ Հոս ան­­գամ մը եւս կը լցո­­ւիմ տար­­բեր զգա­­ցումնե­­րով։ 30 տա­­րիէ կը սպա­­սեմ այդ սահ­­մա­­­նադու­­ռի բա­­ցու­­մը։ Փակ դուռ մը, որ կա­­պանք եղած է ոչ միայն ճամ­­բորդնե­­րու, այլ ժո­­ղովուրդնե­­րու շփման։ Լրագ­­րողնե­­րը զա­­նազան հար­­ցումներ կ՚ուղղեն հան­­դի­­­պած­­նե­­­րուն։ Կը հարցնեն թէ ին­­չո՞ւ հա­­մար կա­­րեւոր է սահ­­մա­­­նադ­­րան բա­­ցու­­մը։ Այդ հար­­ցումի պա­­տաս­­խա­­­նը ես վա­­ղուց գի­­տեմ։ Սի­­րելի Թա­­գու­­հի Թով­­մա­­­սեան այս տա­­րի 19 Յու­­նո­­­ւարին Հրանդի սպան­­նո­­­ւած կէ­­տին վրայ յայ­­տա­­­րարած էր թէ սահ­­մա­­­նադ­­րան բաց­­ման օրը հրու­­շակ պի­­տի խար­­կէ ու պի­­տի բաժ­­նէ հոն գտնո­­ւող­­նե­­­րուն։ Այս ըն­­թացքով կար­­ծես ես այդ հրու­­շա­­­կը համ­­տե­­­սելէ առաջ, ու­­րիշներ իմ հոգ­­ւոյս խար­­կո­­­ւած հրու­­շա­­­կը պի­­տի ու­­տեն։
Վե­­րադար­­ձի ճամ­­բուն ամ­­բողջո­­վին հա­­մոզո­­ւած եմ թէ առանց կա­­րօտս յա­­գենա­­լու պի­­տի վե­­րադառ­­նամ Երե­­ւանէն։
Ցե­­րեկո­­ւայ ճա­­շէն ետք, երբ բո­­լորը բռնած են մա­­տենա­­դարա­­նի ճամ­­բան, ես թաք­­սի մը ճա­­րելով կը փախ­­չիմ խումբէն ու կ՚ուղղո­­ւիմ Աբո­­վեան քա­­ղաք, հար­­ցազրոյց մը պի­­տի վերցնեմ, որուն կը սպա­­սեմ 20 տա­­րինե­­րէ ի վեր։ Վեր­­ջա­­­պէս յա­­ջողե­­ցայ, շու­­տով կը հրա­­տարա­­կուի։
Հա­­զիւ 40 վայրկեան կ՚անցնեմ ին­­ծի սի­­րելի մարդկանց հետ եւ ետ կը վե­­րադառ­­նամ Երե­­ւան։
Ուխտ մը եւս մնաց ան­­կա­­­տար։ Ըն­­կե­­­րու­­հիս Ալ­­լա հիւ­­րա­­­նոցի մուտքին ինքնա­­շարժին մէջ զիս կ՚սպա­­սէ։ Կը տա­­րակու­­սինք հասցնել, չհասցնե­­լու առեղ­­ծո­­­ւածի մէջ։ Այդպէս կը հաս­­նինք Սուրբ Աթոռ։ Դժո­­ւարաւ կը հա­­մոզենք դռնա­­պանը։ Այս սա­­կար­­կութեան մէջ յան­­կարծ կը նկա­­տենք Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ.-ը։ Իր հետ է նաեւ Տէր Տրդա­­տը։ Ապա աջը կ՚առ­­նեմ Պատ­­րիար­­քին։ Այդ մի­­ջոցին Ալ­­լա Եպիս­­կո­­­պոսի մը կը դի­­մէ, որ­­պէսզի մենք մտնենք տա­­ճար։ Ար­­շակ Սրբա­­զան իս­­կոյն սար­­կա­­­ւագ մը կը պաշ­­տօ­­­նակո­­չէ որ­­պէսզի մե­­զի ըն­­կե­­­րակ­­ցի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։ Սուրբ Սե­­ղանին առ­­ջեւ ծնկա­­չոք աղօ­­թեցի։ «Խնդրե­­ցէք եւ պի­­տի տրո­­ւի ձե­­զի, փնտռե­­ցէք ու պի­­տի գտնէք, դու­­ռը զար­­կէք, եւ պի­­տի բա­­ցուի։ Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ՚առ­­նէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դու­­ռը կը զար­­նէ՝ պի­­տի բա­­ցուի անոր» (Մա­­թէոս 7։7-8)։
Մաղ­­թեմ որ Սուրբ Տա­­ճարի դրան նման սահ­­մա­­­նի դուռն ալ կը բա­­ցուի բո­­լորին առջեւ։
Durumu takip etmeye devam edin, SonTurkHaber.com her zaman en yeni haberleri sunuyor.
seeGörüntülenme:64
embedKaynak:https://www.agos.com.tr
archiveBu haber kaynaktan arşivlenmiştir 08 Mayıs 2025 19:23 kaynağından arşivlendi
0 Yorum
Giriş yapın, yorum yapmak için...
Yayına ilk cevap veren siz olun...
topEn çok okunanlar
Şu anda en çok tartışılan olaylar

Özgür Özel, ağzını bozdu! Yine tehditler savurdu

02 Temmuz 2025 01:14see165

Denizli haberleri: Arı sokması sonucu fenalaşan yaşlı adam kaldırıldığı hastanede hayatını kaybetti Denizli Haberleri

02 Temmuz 2025 08:27see163

MasterChef Al Beni Yukarı tiramisu tarifi! Danilo Şef in Al Beni Yukarı tiramisu tarifi Son Dakika Haberleri

02 Temmuz 2025 03:04see151

Tiyatronun günü 5 Temmuz Sözcü Gazetesi

02 Temmuz 2025 05:39see150

KÜÇÜKÇEKMECE İCRA DAİRESİ

02 Temmuz 2025 00:08see149

Dördüncü kattan düşen ısı yalıtım ustası hayatını kaybetti

02 Temmuz 2025 00:18see149

Uyuşturucu ticareti yapanlar İznik te yakalandı

30 Haziran 2025 18:51see144

Burhanettin Bulut tan zam tepkisi: Faturayı yine vatandaşa kestiler

02 Temmuz 2025 00:02see131

Ünlü börekçi kıyma yerine sakatat yedirmiş! Halk sağlığını hiçe sayan firmalar bakanlık listesinde: Domuz eti, at ve eşek eti, sakatat etleri...

02 Temmuz 2025 00:01see129

Trump: İsrail, Gazze de 60 günlük ateşkes için gerekli şartları kabul etti

02 Temmuz 2025 02:48see126

İsrail Genelkurmay Başkanı Suriye topraklarında askerleriyle görüştü

02 Temmuz 2025 00:34see126

Yangınlar İzmir, Manisa ve Hatay da sürüyor

02 Temmuz 2025 00:07see125

700 milyon dolarlık Bitcoin i çöpe atan adamdan ilginç çözüm Sözcü Gazetesi

02 Temmuz 2025 00:04see125

En fazla Türkler sınır dışı ediliyor Sözcü Gazetesi

02 Temmuz 2025 05:31see121

CHP nin Saraçhane mitinginde 1 kişi bıçaklandı

02 Temmuz 2025 00:07see119

Fahrettin Altun dan Özgür Özel e tepki Son dakika haberleri

02 Temmuz 2025 00:24see119

Bugün Türkiye’de ne konuşuluyor? 2 Temmuz Çarşamba gazete manşetleri

02 Temmuz 2025 05:27see117

Kadıköy Boğası lakabıyla tanınan Mustafa Başaran göz ameliyatı oldu

30 Haziran 2025 17:42see116

Emekliler Türkiye’de sokağa çıkacak Sözcü Gazetesi

02 Temmuz 2025 05:31see116

Antalya da 3 araç birbirine girdi! Ortalık savaş alanına döndü: 21 yaralı

01 Temmuz 2025 13:07see116
newsSon haberler
Günün en taze ve güncel olayları